2013-05-28 12:20:25

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ` Սարդարապատի Պատմական Յաղթանակի Նուիրուած Աշակերտական Տօնակատարութիւն ։


Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 95-ամեակին առիթով, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, այսօր, 27 Մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ դրօշակի արարողութենէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Աննա-Քրիսթինա Գոլանճեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք ծածանեցաւ մայիսեան արշալոյսի եռագոյնը եւ 28 Մայիս 1918-ի յաղթանակը դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենահերոսական եւ լուսաւոր թուականը: Գոլաճեան ըսաւ, որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է պաշտպանէ Հայաստանին անկախութիւնը, տէր կանգնի հայրենիքին եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնէ` կերտելու ամբողջական Հայաստանը:
Ապա ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ Նայիրա Պաղտասարեան եւ Պէթի Սուլեան, որոնք երգեցին ազգային երգեր:
Այս առիթով, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ Սարդարապատի մեծ յաղթանակի ոգին շարունակեցաւ պատմութեան իրերայաջորդ հանգրուաններուն եւ Մայիս 28-ի շունչը բացայայտ էր Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ, երբ հայերը միասնաբար կռուեցան Սարդարապատեան կամքով: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ. «Մենք հզօր ենք Հայաստանով, եւ Հայաստանը հզօր է մեզմէ իւրաքանչիւրով»:
Սարդարապատի պանծալի յաղթանակին նուիրուած աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով եւ «Պահպանիչ»ով:








All the contents on this site are copyrighted ©.